ԱՎ. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ «ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ» ՊՈԷՄԻՆ ՇՈՒՐՋ – 2017-1 Երուանդ Գ. Փամպուքեան Սիմոն Վրացեանի բացառիկ կերպով հարուստ արխիւին մէջ պահուած են շատերու կարգին նաև Աւետիք Իսահակեանէն ձեռագիր օրինակներ։ Ստորև ներկայացուածը (թղթածրար 150/12-15) վերցուած է հաւանաբար Հ. Յ. Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի թղթածրարներէն այն օրերուն, երբ Վրացեան կը վարէր թերթին խմբագրութիւնը (1925-1933)։