ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ – 2021-1 Իր յուշագրութեան առաջին տպագրութեան առիթով Երուանդ Գ. Փամպուքեան (Պէյրութ) Ատենէ մը ի վեր ձեռքիս տակ է հետաքրքրական թղթապանակ մը, որուն բովանդակութիւնը ցուցակագրուած չէ Համազգայինի Պէյրութի ճեմարանի տեսչարանի յարկաբաժնին կից հաստատուած դիւանատան մէջ, ուր կեդրոնացուած են, բացի մշակութային եւ կրթական այդ ընկերութեան արխիւէն, նաեւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր – բնագիր կամ պատճէն, այլեւ Սիմոն Վրացեանի անձնական ծաւալուն թղթածրարները։