ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄՊՈՒՇԻԷ ԳԻՒՂԻ ԱՇՏԱՐԱԿԻՆ 1348 Թ. ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ – 2018-2 Յակոբ Մ. Չոլաքեան Յօդուածը կը ներկայացնէ Ասորիքի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ միջին դարերուն հաստատուած հայ հոծ գաղթականութեան պատկերը եւ կը խօսի Համպուշիէ գիւղի աշտարակին ու անոր դրան վրայ Մխիթար Գառներցի կաթողիկոսին ձգած վիմագիր արձանագրութեան մասին, որուն ամբողջական ընդօրինակութիւնը մեզի հասած է Զաքարիա վարդապետ Զմիւռնացիին կողմէ: