ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԱՐԴԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ – 2011-1 Նորա Մ. Արիսեան (Դամասկոս) Օսմանեան բռնապետութեան թուրքացման պետական քաղաքականութեանը դիմակայելու ընդհանուր խնդիրը նոր ժամանակներու համար դարձաւ այն կարեւոր հիմնաքարը, որուն վրայ կառուցուեցաւ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը: Իսկ Մեծ եղեռնէն ետք արաբական երկիրներուն մէջ ապաստանած հայ տարագրեալներուն փրկութիւն եւ օթեւան տալով՝ աւելի ամրապնդուեցաւ հայ-արաական համերաշխութիւնը: